1 Corinthians 7
1 Ձեր նամակին մէջ ինծի գրած էիք նաեւ այն մասին, թէ մարդ լաւ կ՚ընէ՝ եթէ բնաւ չամուսնանայ։
2 Բայց որպէսզի պոռնկութեան մէջ չիյնաք՝ ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ եւ ամէն կին՝ իր ամուսինը,
3 որպէսզի կնոջ պէտքերը այրը գոհացնէ եւ ամուսինին պէտքերը՝ կինը։
4 Որովհետեւ կինը իր մարմինին տէրը չէ, այլ՝ ամուսինը. ո՛չ ալ այրը իր մարմինին տէրն է, այլ՝ կինը։
5 Երկար ատեն հեռու մի՛ մնաք իրարմէ։ Եթէ կ՚ուզէք աղօթքի նուիրուիլ, կրնաք փոխադարձ համաձայնութեամբ ժամանակ մը իրարմէ հեռու մնալ. բայց յետոյ վերադարձէ՛ք ձեր կենակցութեան, որպէսզի չըլլայ որ Սատանան ձեզ փորձութեան մղէ՝ ձեր անժուժկալութենէն օգտուելով։
6 Հրահանգ մը չէ այս տուածս, այլ պարզապէս՝ ներողամիտ կեցուածք։
7 Որովհետեւ ես պիտի ուզէի որ ամէն մարդ ինծի պէս ապրէր, բայց Աստուած իւրաքանչիւրին իրեն յատուկ շնորհք մը տուած է. մէկուն՝ այսպէս ապրելու շնորհք, միւսին՝ այնպէս։
8 Սակայն ամուրիներուն եւ այրիներուն կ՚ըսեմ.– Աւելի լաւ կ՚ընեն՝ եթէ ինծի պէս մնան.
9 բայց եթէ չեն կրնար տոկալ՝ թող ամուսնանան, որովհետեւ նախընտրելի է ամուսնանալ քան ցանկութեամբ եռալ։
10 Իսկ ամուսնացած զոյգերուն հետեւեալ պատուէրը կու տամ, ո՛չ թէ ես, այլ Տէրը.– Ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի.
11 իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ։ Նոյնպէս, ոեւէ այր իր կինը թող չձգէ։
12 Միւսներուն ե՛ս կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ Տէրը.– Եթէ ոեւէ հաւատացեալ եղբայր ունի անհաւատ կին մը որ կ՚ուզէ իր հետ ամուսնացած մնալ, թող չբաժնուի իր կնոջմէ։
13 Նոյնպէս, ոեւէ հաւատացեալ կին, եթէ ունի անհաւատ ամուսին մը որ կ՚ուզէ իր հետ ամուսնացած մնալ, թող չբաժնուի իր ամուսինէն։
14 Անհաւատ ամուսինը կնոջ միջոցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին կապուած կ՚ըլլայ, եւ անհաւատ կինը ամուսինին միջոցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին կապուած կ՚ըլլայ. այլապէս՝ ձեր որդիները հեթանոս պիտի նկատուէին, մինչդեռ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդին մաս կը կազմեն։
15 Սակայն եթէ անհաւատ ամուսինը կամ կինը ուզէ բաժնուիլ՝ թող բաժնուի։ Նման պարագաներուն ոեւէ պարտադրանք չկայ հաւատացեալ ամուսինին եւ կնոջ վրայ։ Աստուած մեզ կանչեց՝ խաղաղութեամբ ապրելու։
16 Բայց ո՞վ գիտէ, թերեւս այդ ձեւով ամուսինիդ փրկութեան պատճառ կ՚ըլլաս, ո՛վ կին. կամ դուն, ո՛վ մարդ, թերեւս այդ ձեւով կնոջդ փրկութեան պատճառ կ՚ըլլաս։
17 Այլապէս, իւրաքանչիւրըթողապրի Աստուծմէ իրեն տրուած շնորհքին համաձայն, ինչպէս որ էր՝ երբ Աստուած զինք կանչեց։ Այսպէս կը պատուիրեմ բոլոր եկեղեցիներուն ։
18 Հրեա՞յ մըն է կանչուածը. թող չծածկէ իր թլփատուած ըլլալը։ Հեթանոսութենէ եկա՞ծ մըն է. թող չթլփատուի։
19 Որովհետեւ կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ. կարեւորը՝ Աստուծոյ պատուիրանը պահելն է։
20 Բայց իւրաքանչիւրը ի՛նչ վիճակի մէջ էր երբ Աստուած զինք կանչեց՝ թող նոյն վիճակին մէջ մնայ։
21 Ստրո՞ւկ էիր երբ կանչուեցար. հոգ մի՛ ըներ։ Իսկ եթէ կարենաս ազատ ըլլալ՝ աւելի լաւ։
22 Որովհետեւ այն մարդը որ ստրուկ վիճակի մէջ Տիրոջ պատկանելու կոչուեցաւ՝ Տիրոջմով ազատագրուածմըն է։ Նոյնպէս ալ այն մարդը որ ազատ վիճակի մէջ կոչուեցաւ՝ Քրիստոսի ծառան է։
23 Աստուած փրկագինով ձեզ գնեց. մարդոց ծառայ մի՛ ըլլաք։
24 Եղբայրնե՛ր, իւրաքանչիւրդ ի՛նչ վիճակի մէջ որ էիք՝ երբ Աստուած ձեզկանչեց՝ նոյն վիճակին մէջ մնացէք Աստուծոյ առջեւ։
25 Ամուրիներուն վերաբերող ձեր հարցումին կապակցութեամբ Տիրոջմէ հրաման մը չունիմ։ Բայց ես՝ իբրեւ Տիրոջմէ ողորմութիւն գտած մէկը, որուն կարելի է վստահիլ, հետեւեալ խրատը կու տամ.–
26 Կը խորհիմ որ իրենց վիճակը լաւագոյնն է։ Նկատի ունենալով վերահաս նեղութիւնը, աւելի լաւ է որ մարդ ինչպէս որ է՝ այնպէս մնայ։
27 Ամուսնութեամբ կապուա՞ծ ես կնոջ մը. մի՛ փորձեր բաժնուիլ։ Ամուսնութեամբ կապուած չե՞ս մէկուն. կին մի՛ փնտռեր։
28 Եթէ ամուսնանաս՝ մեղք գործած չես ըլլար. կամ ոեւէ ամուրի կին եթէ ամուսնանայ՝ մեղք գործած չ՚ըլլար։ Բայց անշուշտ ամուսնական կեանքին յատուկ նեղութիւններ պիտի ունենան, որոնցմէ զերծ պիտի ուզէի տեսնել ձեզ։
29 Բայց հետեւեալը կ՚ըսեմ, եղբայրնե՛ր, թէ՝ ա՛լ ժամանակը կարճցած է. հետեւաբար՝ կին ունեցողներն ալ չամուսնացածներու պէս թող ապրին.
30 սգացողները թող սուգ չունեցողներու պէս ապրին, ուրախացողները՝ չուրախացողներու պէս, հարուստները՝ աղքատներու պէս,
31 աշխարհը վայելողները՝ չվայելողներու պէս. որովհետեւ մեզի ծանօթ այս աշխարհը անցնելու վրայ է։
32 Ուստի կ՚ուզեմ որ հոգերէ զերծ ըլլաք։ Որովհետեւ կին չունեցողը միայն Տիրոջ հոգը կ՚ունենայ, ջանալով Տիրոջ կամքը ընել.
33 մինչդեռ ամուսնացած մարդը երկրաւոր հոգեր կ՚ունենայ, ջանալով իր կնոջ կամքը կատարել.
34 որով երկուքի բաժնուած կ՚ըլլայ։ Նոյնպէս ալ, չամուսնացած կինը կամ կոյսը Տիրոջ հոգը կ՚ունենայ եւ կը ջանայ մարմինով եւ հոգիով Աստուծոյ նուիրուիլ. մինչ ամուսնացած կինը երկրաւոր հոգեր կ՚ունենայ, ջանալով իր ամուսինին կամքը կատարել։
35 Ասիկա ձեր օգուտին համար կ՚ըսեմ։ Ո՛չ թէ արգելքներ կը դնեմ ձեր վրայ, այլ կ՚ուզեմ որ պարկեշտութեամբ եւ անզբաղ միտքով Տիրոջ հնազանդութեան նուիրուիք։
36 Խօսեցեալներու պարագային, եթէ ոեւէ նշանուած մարդ կը խորհի թէ իր նշանածին քով ամօթով պիտի մնայ եթէ չամուսնանայ, եւ ցանկութիւնն ալ ա՛յնքան զօրացած է իր մէջ՝ որ պէտք է ամուսնանայ, թող իր կամեցածին պէս ընէ. մեղք գործած չ՚ըլլար. թող ամուսնանայ։
37 Իսկ ան որ իր մտքին մէջ հաստատ որոշում առած է, առանց ոեւէ հարկադրանքի, եւ կրնայ իր կամքին վրայ իշխել, եւ իր որոշումն է՝ պահել իր նշանածը՝ առանց մարմնական յարաբերութեան, լաւ կ՚ընէ։
38 Այնպէս որ, ով որ կ՚ամուսնանայ՝ լաւ կ՚ընէ, իսկ ով որ չ՚ամուսնանար՝ աւելի լաւ կ՚ընէ։
39 Ոեւէ ամուսնացած կին ազատ չէ, որքան ատեն որ ամուսինը ողջ է. իսկ ամուսինին մահէն ետք ազատ է, որու հետ որ ուզէ՝ կ՚ամուսնանայ. միայն թէ՝ քրիստոնեայի մը հետ։
40 Բայց աւելի երանելի կ՚ըլլայ՝ եթէ տուած խրատիս հետեւի եւ մնայ այնպէս՝ ինչպէս որ է հիմա։ Եւ կը խորհիմ որ Աստուծոյ Հոգին է որ այսպէս ըսել կու տայ ինծի։